2014-12-10 10:24:25

Այսօր կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէն հաստատուած` ''Մարդու Իրաւունքներու համաշխարհային օրը''


(Ռ.Վ. 10 դեկտեմբեր 2014) 1948-ի Դեկտեմբեր 10-ին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովը կ՝ընդունէր Մարդու Իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը: Երկու տարի ետք` 1950-ին նշուեցաւ ''Մարդու Իրաւունքներու համաշխարհային առաջին օրը''
Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը կը ներառէ քաղաքական, քաղաքացիական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական իրաւունքներու լայն շրջանակ: Ան արձանագրուած է Կիննեսի ցուցանիշներու գիրքին մէջ, իբրեւ աւելի քան 380 լեզուներով եւ բարբառներով թարգմանուած փաստաթուղթ, ուր կը խօսուի անոր համընդհանուր բնոյթի եւ տարածման ծաւալներու մասին:
Ամէն տարի ՄԱԿ-ը կ’ընտրէ Մարդու Իրաւունքներու օրուան կարգախօս մը` 2014-ին կարգախօսն է `''Մարդու իրաւունքներու միջոցաւ տօնախմբել կեանքի յեղաշրջումի 20 տարիները''։
Աշխարհի վրայ աւելի քան 800 միլիոն մարդ կը տառապի անօթութենէ. 57 միլիոն մանուկներ դպրոց չեն յաճախէր. Միլիոնաւոր այլ մարդիկ, պատերազմի պատճառաւ ստիպուած են իրենց տուներէն հեռանալ, ինչպէս Սուրիայի, Իրաքի եւ կեդրոնական ափրիկէի մէջ։
Խոշտանգում, բռնաբարութիւն, քաղաքացիական բնակչութեան դէմ յարձակումները... հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ բացը որ կ՛ընդլայնուի. Այս է աշխարհը որուն առջեւ կը գտնուինք նշելով` Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրի 66-ամեակը։
2014 տարին յատուկ դժուար տարի մը հանդիսացաւ Մարդու Իրաւունքներուն համար։ Աշխարհի զանազան վայրերու մէջ տիրող պատերազմները միլիոնաւոր մարդիկ անապահովութեան մատնեցին, ինչպէս նաեւ Իպոլա համաճարակը ի յայտ դրաւ աղքատներուն հանդէպ յանձնառումի պակասը։
Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը` երաշխիք է բոլոր մարդոց համար բայց եւ այնպէս ամէն օր այս իրաւունքները խախտումի կ՛ենթարկուին այլազան պատճառներու բերումով մինչ կառավարութիւններն ու միջազգային հասարակութիւնը լուր ու մունջ կը հետեւի անցուդարձներուն։
''Մարդու Իրաւունքներու համաշխարհային օրուան առթիւ Սպանիայի Սալեզեան միաբանութիւնը կոչ ուղղած է կառավարիչներուն` յանձնառու ըլլալու ամէն անհատի իրաւունքի պաշտպանութեան ի խնդիր։ Կոչին մէջ անոնք մատնանշած են թէ այդ իրաւունքները պաշտպանուելու չեն միայն տարւոյն միայն մէկ օրուայ ընթացքին` 10 դեկտեմբերին այլեւ տարւոյն 364 միւս օրերու ընթացքին եւս։








All the contents on this site are copyrighted ©.